2016-06-23 08:31:00

Այսօր կը վճռուի Բրիտանիոյ` Եւրոպական միութեան անդամակցութեան հարցը


Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խոստովանած է, որ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ այսօր տեղի ունենալիք հանրաքուէի արդիւնքը անկարելի է կանխատեսել: «Ոչ ոք գիտէ` ինչ տեղի պիտի ունենայ», ըսած է ան:

Ինչպէս կը վկայեն «Այ.Ճի.» ելեւմտական ընկերութեան պատուէրով «Սըրվէյշըն» ընկերութեան կողմէ կատարուած ընկերային հետազօտութեան հրապարակուած արդիւնքները, հարցախոյզին մասնակիցներուն 45 առ հարիւրը այսօրուան հանրաքուէին մտադիր է քուէարկել Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան օգտին, իսկ հակառակ կարծիքը ունեցողներուն համեմատութիւնն է 44 առ հարիւր:

«Պելկա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր նախազգուշացուց, որ Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը «ինքնասպանութեան արարք» պիտի դառնայ երկրին համար:

«Իր դրացիներէն երես դարձնելն ու մեկուսացման ուղին բռնելը պիտի նշանակէ դէմ ըլլալ Եւրոպային ու Բրիտանիոյ: Ատիկա անձնասպանութեան արարք պիտի ըլլայ», ըսած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.